ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը արդիւնաւէտ կը համարէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակի շուրջ ԱՄՆ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ ունեցած հանդիպումները: «Արմենպրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին Մնացականեանը ըսած է Atlantic Council-ի մէջ քննարկման ընթացքին:
Զոհրապ Մնացականեանը նշած է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու, համանախագահող երկիրներու նախագահներու ու արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով շատ մեծ աշխատանք տարուած է:
«Երկիրներու նախագահներու մակարդակով հնչած են կրակի դադարեցման վերաբերեալ յայտարարութիւններ, որոնք վերահաստատուած են նաեւ ԱԳ նախարարներու կողմէ: 10 Հոկտեմբերին մենք շատ երկար խորհրդակցութիւններ ունեցանք ՌԴ ԱԳ նախարարի միջնորդութեամբ, մարդասիրական զինադադարի հաստատման պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերինք, որ չյարգուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ, այնուհետեւ նոյնպիսի պայմանաւորուածութիւն եղաւ 17 հոկտեմբերին, որ դարձեալ չպահպանեց Ատրպէյճանը»,- նշած է Զոհրապ Մնացականեանը:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ այժմ հայկական կողմը կը պայքարի երեք հակառակորդի դէմ՝ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկիչներու, որոնք 27 սեպտեմբերէն կը պատերազմ սկսած են Արցախի դէմ: