image

Միջազգային սակարաները ցնցում մ'ապրեցան. Ի՞նչ էր պատճառը

Միջազգային սակարաները ցնցում մ'ապրեցան. Ի՞նչ էր պատճառը

Երեքշաբթի առաւօտեան տեղի ունեցած է ԱՄՆ բաժնետոմսերու շուկայի կտրուկ անկում, բան մը, որ Եւրոպայի եւ այլ երկիրներու մէջ խուճապ առաջացուցած է, նմանատիպ դէպքեր տարբեր երկիներու մէջ կրկնուելու, ինչպէս նաեւ տնտեսական ճգնաժամի սպառնալիքի մտահոգութեամբ, ինչպէս տեղի ունեցաւ 2008 թուականին: Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:

Լրատուամիջոցներու փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, տնտեսական ճգնաժամի առաջ կանգնած ըլլալունախանշաններէն են նախ այն, որ «Տաու Ճոնզ» մէկ օրուան ընթացքին այնպիսի կտրուկ անկում գրանցած է, ինչպիսին երբեք չէ պատահած ամբողջ իր պատմութեան ընթացքին:

Նշուած է նաեւ, որ ամերիկեան բաժնետոմսերու շուկայի ներդրումներ կատարողները անցնող երկու օրերուն ընթացքին զգալի աշխուժութեամբ սկսած են քաշուիլ շուկայէն ու առաւել ապահով վայրեր տեղափոխած են իրենց դրամական միջոցները: