«Ասպարէզ»էն կը կարդանք, թէ Միացեալ հայկական ֆոնտը, AmeriCares կազմակերպութեան համագործակցութեամբ, 5.9 միլիոն տոլարի արժէքով դեղորայք եւ բժշկական պիտոյքներ առաքեց Հայաստան եւ Արցախ։AmeriCares-ի նուիրած այս արժէքաւոր յատկացումը կը ներառէ փենիսիլին, հակավարակիչ, հակաշաքարախտային, սրտանօթային, հոգեբուժիչ, մորթային, ակնաբուժական, ցաւամոքիչ եւ ստամոքսա-որովայնային դեղեր ու բժշկական պիտոյքներ:«Տարիներու ընթացքին, AmeriCares-ը տասնեակներով միլիոն տոլար արժող ու կեանք փրկող դեղեր, բժշկական պիտոյքներ եւ սարքաւորումներ նուիրած է Հայաստանին ու Արցախին», այս առթիւ յայտնեց Միացեալ հայկական ֆոնտի նախագահ Յարութ Սասունեան եւ աւելցուց. «Մեծապէս կը գնահատենք AmeriCares-ի հետ մեր երկարամեայ գործակցութիւնը»:Անցեալ 26 տարիներուն ընթացքին, Միացեալ հայկական ֆոնտը 159 թռիչքներով եւ 2258 ծովային արկղներով 720 միլիոն տոլարի մարդասիրական նպաստ ուղարկած է Հայաստան եւ Արցախ:Ֆոնտը համատեղ աշխատանքն է Ամերիկայի հայ աւետարանական ընկերակցութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի առաջնորդարանին, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդարանին եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան:Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Միացեալ հայկական ֆոնտի գրասենեակին՝ 1101 North Pacific Avenue, Suite 204, Glendale, CA 91202 հասցէով, կամ հեռաձայնել (818) 241-8900 թիւին: