image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ հրդեհ Ատանայի գիշերօթիկէն ներս. Կայ 12 զոհ

Մեծ հրդեհ Ատանայի գիշերօթիկէն ներս. Կայ 12 զոհ

Ատանյի մէջ գտնուող մանկական գիշերօթիկին մէջ հրդեհ տեղի ունեցած է, որու հետեւանքով զոհուած է 12 հոգի: Այս մասին tert.am-ի հաղորդմամբ, կը տեղեկացնէ թրքական Sabah թերթը, նշելով, որ 12 զոհերէն 1-ը երեխայ է, իսկ 11-ը՝ 10-14 տարեկան աղջիկներ:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ բացի զոհերէն, 22 մարդ տարհանուած է այրող եռահարկ շէնքէն եւ տեղափոխուած՝ հիւանդանոց: Ատանայի նահանգապետ Մահմուտ Տէիրթաշի հաղորդմամաբ, անոնք վիրաւորուած են ապակիի բեկորներէն:
 

Նախնական տուեալներու համաձայն՝ հրդեհի պատճառը հոսանքի կարճ միացումը եղած է: