image

Մասնակից կողմ չըլլալով բնականաբար Ասդանայի որոշումներուն պիտի չենթարկուինք. YPG

Մասնակից կողմ չըլլալով բնականաբար Ասդանայի որոշումներուն պիտի չենթարկուինք. YPG

Սուրիական հարցի շուրջ մեկնարկած Ասդանայի բանակցութիւններու վերաբերեալ, Սիրիոյ մէջ քրտական ազգային ինքնապաշտպանութեան ջոկատներու (YPG) հրամանատարութիւնը յայտարարած է, որ քրտական ջոկատները պիտի չենթարկուին անոր որոշումներուն: Այսմասինկըգրէ kurdonline կայքը, նշելով, որ յայտրաութեան մէջ կոչ եղած է բանակցութիւններուն մասնակից կողմերուն վերջ տալ Սուրիոյ արիւնայեղութեան, ընդգծելով, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր դերը ունեցած է սուրիական ճգնաժամի առաջացման մէջ: 

Յիշենք, որ հանդիպման կազմակերպիչները միտումնաւոր հրաժարած են պաշտօնական Դամասկոսի եւ ընդդիմութեան համար ցուցանակներէն՝ անոնց անուանելով «Սուրիական Արաբական Հանրապետութիւն»: