Սուրիական հարցի շուրջ մեկնարկած Ասդանայի բանակցութիւններու վերաբերեալ, Սիրիոյ մէջ քրտական ազգային ինքնապաշտպանութեան ջոկատներու (YPG) հրամանատարութիւնը յայտարարած է, որ քրտական ջոկատները պիտի չենթարկուին անոր որոշումներուն: Այսմասինկըգրէ kurdonline կայքը, նշելով, որ յայտրաութեան մէջ կոչ եղած է բանակցութիւններուն մասնակից կողմերուն վերջ տալ Սուրիոյ արիւնայեղութեան, ընդգծելով, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր դերը ունեցած է սուրիական ճգնաժամի առաջացման մէջ:
Յիշենք, որ հանդիպման կազմակերպիչները միտումնաւոր հրաժարած են պաշտօնական Դամասկոսի եւ ընդդիմութեան համար ցուցանակներէն՝ անոնց անուանելով «Սուրիական Արաբական Հանրապետութիւն»: