Ֆրանսայի «Ազգային ճակատ» կուսակցութեան առաջնորդ Մարին Լը Փեն առաջին անգամ ըլլալու ընդգրկուած է Ֆրանսայի խորհրդարանի ստորին պալատի` Ազգային ժողովի պատգամաւոր: Այս մասին կը յայտնէ ТАСС գործակալութիւնը:
Ֆրանսայի օրէնսդրութեան համաձայն` Մարին Լը Փեն այժմ պէտք է հրաժարի Եւրոխորհրդարանի մանդատէն, քանի որ այդ երկու լիազօրութիւնները համատեղելի չեն: