image

Մարդասիրական առաքելութիւնը կը շարունակուի. Սուրիա մեկնած է հայ մասնագէտներու երկրորդ խումբը

Մարդասիրական առաքելութիւնը կը շարունակուի. Սուրիա մեկնած է հայ մասնագէտներու երկրորդ խումբը

 

Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական մասնագիտական օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով՝ ականազերծողներէ, բժիշկներէ եւ անոնց անմիջական անվտանգութիւնը ապահովող հայ մասնագէտներէ բաղկացած հերթական խումբը 4 յունիսին ժամանած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն (ք. Հալէպ): Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ ՊՆ  կայքը:

Հայ մասնագէտները, բացառապէս ռազմական գործողութիւններէ զերծ բնակավայրերու մէջ, պիտի ծաւալելեն ականազերծման, բնակչութեան հակաականային իրազեկման, բժշկական ծառայութիւններու մատուցման մարդասիրական գործունէութիւն:

 

Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն հայ մասնագէտներու տեղափոխման, ինչպէս նաեւ ապահովման խնդիրներն իրականացուած են ռուսաստանեան կողմի աջակցութեամբ: