Հակառակ սուրիական տարբեր քաղաքներու մէջ վերջերս ընթացող ահեղ մարտերուն ու ազատագրման գործողութիւններուն, Սուրիոյ բանակի չորրորդ զօրագունդի հրամանատարներէն Մահէր Ասատ աւելի քան մէկուկէս տարիէ ի վեր կորսուած է քաղաքական ու ռազմական ասպարէզէն:
Նման պայմաններու մէջ Մահէր Ասատի երկար ժամանակով պատերազմի դաշտէն հեռու մնալը «Ալ Տիար» լրատուական կայքի յօդուածագիրին առիթ տուած է կանխագուշակելու, թէ վերջինս չորրորս զօրագոէնդի մասնակցութեամբ ու «Հըզպալլա»ի աջակցութեամբ իրականացուելիք շատ աւելի խոշոր ռազմական գործողութեան կը պատրաստուի, Դամասկոսը շրջապատող ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարի դուրս գալով զանոնք այդ շրջաններէն հեռացնելու համար:
Յօդուածագիրին կարծիքով, իրականացուելիք ռազմական գործողութիւնը բաւական լուրջ ու խոշոր գործողութիւն պիտի ըլլայ, որուն յաջողութեամբ մայրաքաղաքն ու արուարձանները պիտի մաքրուին ահաբեկչական խմբաւորումներէ ու Սուրիոյ պատերազմը 40 առ հարիւր տոկոսով իր աւարտին մօտեած պիտի ըլլայ, իսկ ձախողելու պարագային, Դամասկոս դէմ յանդիման պիտի կանգնի ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ իրականացուելիք յարձակումներուն:
Թէեւ նշուած ռազմական գործողութիւններու մեկնարկն ու տեւողութիւնը տակաւին անյայտ են, սակայն աղբիւրին կարծիքով, այն բաւական դաժան պիտի ըլլայ, եւ ինչպէս մարտնչողներու, այնպէս ալ քաղաքացիներու շարքերուն մեծ թիւով մարդկային զոհեր պիտի տրուին: