Քիչ առաջ «Նայիրի» բժշկական կեդրոնէն ներս մահացեր է ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեանը։ NEWS.am-ի հետ զրոյցին տեղեկութիւնը հաստատած է «Նայիրի» բժշկական կեդրոնի վերակենդանացման ծառայութեան ղեկավար Անատոլի Գնունին։
Յիշեցնենք, որ Արմէն Երիցեանը այսօր՝ 13 դեկտեմբերին, անգիտակից վիճակով տեղափոխուած էր հիւանդանոց. Ան տեւական ժամանակ կը տառապէր ծանր հիւանդութենէ։
Նշենք, որ Արմէն Երիցեան 1960-ի ծնունդ էր: Ան 2016 թ. 24 փետրուարին ՀՀ Նախագահի հրամանագրով ազատուած էր ՀՀ տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարի պաշտօնէն եւ նշանակուած՝ ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարար։ Ան նաեւ դասաւանդած է Երեւանի պետական համալսարանէն ներս։