image

Լոս Անճելըսի մէջ. Լեռնագնացութեան ելած հայուհին մահացած գտնուած է

Լոս Անճելըսի մէջ. Լեռնագնացութեան ելած հայուհին մահացած գտնուած է

Լոս Անճելըսի մէջ լեռնագնացութեան ելած հայուհի ՝ Նարինէ Աւագեան, մի քանի օր անյետացած մնալէ ետք օրերս մահացած գտնուած է։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ ԱՄՆ-էն։

Մեր աղբիւրին հաղորդմամբ, Նարինէ մահացած վիճակի մէջ գտնուած է Լոս Անճելըսի «Ուաթըրման» լերան շրջակայքը եւ տուեալ տեղեկութիւնը նոյնպէս հաստատուած է Կլէնտըլ շրջանի ոստիկանութեան կողմէ։

Նարինէի մահուան հանգամանքները պարզելու համար իրաւապահ մարմինները քննութիւն բացած են։

Նարինէ Աւագեան 37 տարեկան էր։