Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական անկայուն վիճակն իր մեծ ազդեցութիւնն ունեցած է երկրի տնտեսութեան վրայ, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Ըստ կայքին, վարչապետ Հարիրիի հրաժարականէն ետք Լիբանան տնտեսական ճգնաժամի մատնուած է, ինչպէս նաեւ մեծապէս աճած են երկրի պարտքերը:
Միջազգային տնտեսական գործակալութիւններու ենթադրութիւններուն համաձայն, Լիբանանի «քաղաքական դատարկութեան» վերադարձը իր բացասական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ երկրի տնտեսութեան վրայ: