image

Լիբանանի մէջ խուճապ չկայ, բայց հայեացքները դէպի Հայաստան են. Շահան Գանտահարեան

Լիբանանի մէջ խուճապ չկայ, բայց հայեացքները դէպի Հայաստան են. Շահան Գանտահարեան

Լիբանանահայ գործիչ, «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Շահան Գանտահարեան,  որ  կը գտնուի Երեւան, կարճ զրոյց մը տուած է հայրենի «Առաւօտ»  պարբերականին։ Զրոյցի այժմէականութեան համար «Արեւելք» զայն կը հրապարակէ ամբողջութեամբ։ 


«Ցուցարարները կը բողոքեն կառավարութեան ապաշնորհ գործունէութենէն, փտածութենէն, կը պահանջեն թալանուած գումարներու վերադարձ»,-Aravot.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ անդրադառնալով Լիբանանի մէջ ընթացող` կենցաղային խնդիրներու բարձրաձայնումէն արդէն քաղաքական պահանջներու հարթութիւն տեղափոխուած զանգվածային ցոյցերուն՝ ըսած է Լիբանանեան «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարյեանը: Անոր գնահատմամբ՝ անորոշ իրավիճակը կը շարունակուի, հանգուցալուծման ճանապարհները դեռ տեսանելի չեն: Ինչ կը վերաբերի լիբանանահայերուն եւ անոնց անվտանգութեանն ուղղուած պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանի կոչին, Շահան Գանտահարեանը նկատած է. «Օրինաչափ կ'ըլլայ, որ Հայաստանէն հնչէ անհանգստութիւն՝ ճգնաժամի մէջ յայտնուած իր հայրենակիցներու, ես կ'ըսէի՝ քաղաքացիներու վերաբերեալ, որովհետեւ Լիբանանի մէջ երկքաղաքացիութեան օրէնքի ընդունումէն ետք նկատելի է Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացածներու թիւի աճը: Միջազգային փորձին մէջ ընդունուած է, որ անվտանգութեան միջավայրի մտահոգութիւններով պայմանաւորուած՝ պետութիւնն իր քաղաքացիներու տարհանման հարցով զբաղուի»: Ըստ Շահան Գանտահարեանի՝ հիմա Լիբանանի մէջ խուճապային իրավիճակ եւ զանգուածային արտահոսքի խնդիր չկայ, բայց, ինչպէս շեշտած է, աւելցած է ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու համար դիմողներու եւ դէպի ՀՀ ներդրում ընողներու կամ բնակարան գնողներու թիւը. «ՀՀ-Լիբանան միջպետական կապերու աշխոյժացման զուգահեռ՝ սերտացած են լիբանանահայ համայնք-ՀՀ կապերը: Այսինքն, խուճապի մթնոլորտ չկայ, բայց դէպի ՀՀ հայեացքները շատցած են»:


Նիւթը արեւմտահայերէնի վերածեց՝ «Արեւելք»
Նիւթի աղբիւր՝ «Առաւօտ»