image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի ցոյցեր. Օր 15-րդ.Ցոյցերու նօսրացում եւ սպասողական վիճակ

Լիբանանի   ցոյցեր. Օր   15-րդ.Ցոյցերու նօսրացում  եւ սպասողական վիճակ

Լիբանան  այսօր կը թեւակոխէ    բողոքի  ցոյցերու  15-րդ    օրը։

Մինչ  երէկ  գիշեր լարուածութիւն  նկատուած է   երկրի յատկապէս հիւսիսային շրջաններուն  մէջ, այսօր իրավիճակը    համեմատաբար  աւելի հանդարտ եւ խաղաղ է։

Կը  նշուի   նաեւ, որ բողոքի  ցոյցեր կատարողներն այսօր  կը սպասեն    երկրի  նախագահ զօր. Միշէլ  Աունի      խօսքին։

Ըստ   LBCI   կայանին,     բողոքի ցոյցերուն  մասնակցողներուն  թիւը  նուազած է  եւ բանակային ուժեր   տարբեր  միջոցներով կը    վերաբանան  բոլոր  փակուած   ճանապարհները։

Ակներեւ է նաեւ, որ  բանակը  յաջողութեամբ կը կատարէ  իրեն վստահուած  առաքելութիւնը,  պարզ  անոր համար, որ  ցուցարարներուն  թիւը  կտրականապէս    նուազած է։