image

Լիբանանի արդարադատութեան նախկին նախարարը ահաբեկչութեան թիրա՞խ

Լիբանանի   արդարադատութեան նախկին  նախարարը  ահաբեկչութեան թիրա՞խ

Լիբանան- («Ալ Ժատիտ»- Պէյրութ)Լիբանանի   արդարադատութեան  նախկին  նախարարը    ահաբեկչութեան թիրախ կրնայ  դառնալ:   Զօր. Աշրաֆ Ռիֆի այս մասին խօսած է  քուէյթեան «Ալ Սիասա» պարբերականին, յայտնելով նաեւ,  որ    ոչ լիբանանեան   ապահովական գաղտնի  մարմիններէ  զգուշացումներ ստացած է՝ կապուած  ահաբեկչական  խմբաւորումներու  կողմէ   թիրախ դառնալուն վերաբերեալ: Ան նաեւ ըսած է, որ  նոյն մարմինները զինք զգուշացուցած են իր կատարած  շրջագայութիւններուն  վերաբերեալ: Նշենք, որ Զօր. Ռիֆի, որ կը համարուէր  Հարիրի  ընտանիքի  մէկ սերտ  ու կարեւոր գործակիցը, որ քաղաքական  տարակարծութիւններու հետեւանքով հրաժարած էր կառավարութիւնէն: Ռիֆի անցնող  ամիս տեղի ունեցած   տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններուն յաջողած էր  իր   նեցուկը  վայելող   քաղաքապետական  խորհուրդի     ցուցակին  մեծամասնութիւնը         քաղաքապետարան  հասցնել: