«Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժա յատուկ գիր մը յղելով շնորհակալութեան խօսք յղած է լիբանանահայ ելեւմտագէտ (Ֆինանսիստ) եւ հասարակական գործիչ ՝ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեանին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։ Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Ժաաժայի շնորհակալական խօսքին առիթը Պուլտուքեանի վերջին հատորին անգլերէն լեզուով լոյս ընծայուելուն։
![]()
Ժաաժա իր խօսքին մէջ դրուատիքով խօսած է Պուլտուքեանի մասին նշելով, որ «Լիբանանի մէջ վարժ եղած ենք ականատես ըլլալու մեծ տատանումներու ու բարեբախտաբար ձեր նման արժանաւոր գործիչներու շնորհիւ մեր երկրի ֆինանսական ոլորտը յաջողեցաւ կանգուն մնալ։ Թոյլ տուէք անգամ մը եւս ձեզի յայտնել իմ ջերմ ողջոյնները, մաղթելով քաջառողջ եւ երկար կեանք եւ յաջողութիւն բոլոր ծրագիրներուն մէջ»։
Յիշեցնենք, որ Մկրտիչ Պուլտուքեան յայտնի անուն է Լիբանանի ելեւմտական ոլորտին մէջ եւ ան երկար տարիներ ձեռնհասօրէն վարած է Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան փոխ կառավարիչի հանգամանաւոր եւ պատասխանատու պաշտօնը։