image

Լիբանանցի երիտասարդներ ներխուժած են Ֆրանսայի դեսպանատուն (Տեսանիւթ)

Լիբանանցի երիտասարդներ ներխուժած են Ֆրանսայի դեսպանատուն (Տեսանիւթ)

Խումբ մը լիբանանցի երիտասարդներ այսօր ներխուժած են Փարիզի մէջ Լիբանանի դեսպանատուն։

 

 Շատ արագ քայլերով դեսպանատան ներքնասրահ անցնելէ ետք անոնք վար առած են Լիբանանի նախագահ՝ զօր.Միշէլ Աունի մեծադիր լուսանկարը։

 Դէպքէն անմիջապէս ետք դեսպանատան աշխատակիցները մօտեցած եւ դուրս հանած են բողոքարարները։

 

 Անոնց բողոքի արարքը շարունակուած է դեսպանատան շէնքէն դուրս եւ այս անգամ լիբանանցի քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչներու վիրաւորական գրառումներով լուսանկարները փակցուցած են դեսպանատան դարպասին (լուսանկարը)։

 

 Բողոքարարներուն խօսքով Լիբանանի այսօրուան տխուր իրավիճակին գլխաւոր պատասխանատուները երկրի քաղաքական իշխանութեան բոլոր ներկայացուցիչներն են, որոնք  իրենց կարծիքով արագօրէն պէտք է  հեռանան իշխանութիւնէն։