image

Լիբանան. Թրիփոլիի մէջ ցուցարարներ դրամատուներ հրկիզեցին (Տեսանիւթ)

Լիբանան. Թրիփոլիի մէջ    ցուցարարներ   դրամատուներ հրկիզեցին (Տեսանիւթ)

 Լիբանանի  Թրիփոլի  քաղաքին մէջ  լարուած  իրավիճակ  կը տիրէ։ Այս   մասին  տեղեկութիւնը  կը տրուի  լիբանանեան լրասփիւռներու կողմէ,  որոնք նաեւ կը հաղորդեն, որ անցնող ժամերուն   ցուցարարներ  յարձակած  եւ կրակի  տուած են   Թրիփոլիի մէջ գործող երեք  դրամատուներ։

Նշենք, որ  երէկ գիշեր նոյնպէս  լարուած   իրավիճակ տիրած էր Թրիփոլիի մէջ եւ    ցուցարարներ,  որոնք կը  բողոքեն երկրին    տնտեսական  վիճակի վատթարացման   դէմ    բախումի բռնուած էին կացութիւնը  վերահսկել փորձող  բանակային ուժերուն հետ։ 

 Գրանցուած էին    տասնեակ   վիրաւորներ  եւ  ինկած էր մէկ զոհ։ 

 Լիբանանեան  բանակը, որ  դէպքերէն ետք հանդէս  կու գար   յայտարարութեամբ մը կը հաւաստէր, որ  խռովարարներուն  կատարած ոտնձգութիւններուն հետեւանքով   վիրաւորուած են բանակի  տասնեակ  զինուորներ։

Յիշեցնենք, որ  տեղի գիշեր  տեղի ունեցած      վտանգաւոր զարգացումներէն ետք  Թրիփոլի   քաղաքի  դրամատուները որոշած էին  փակ    պահել իրենց  դռները։

 

 Այս  պահուն  եւս  իրավիճակը կը  շարունակէ լարուած մնալ Թրիփոլիի մէջ։

 

 

 Լուսանկարները ՝ համացանցէն։