image

Լիբանան. Սամիր Ժաաժա Որդեգրեց Զօր. Միշէլ Աունի Նախագահական Թեկնածութիւնը

Լիբանան.  Սամիր Ժաաժա  Որդեգրեց Զօր. Միշէլ Աունի  Նախագահական Թեկնածութիւնը

Այսօր  երեկոյեան  քաղաքական կարեւոր     իրադարձութիւն մը գրանցուեցաւ  Պէյրութի մէջ:  «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան   նախագահ Սամիր Ժաաժա   իր Մահրապի կեդրոնատեղիին մէջ    տեղի ունեցած հրապարակային հանդիպման մը ընթացքին  որդեգրեց «Ազգային ազատ հոսանք»ի ղեկավար Զօր. Միշէլ Աունի նախագահական  թեկնածուութիւնը:   Գրանցուածը  կը համարուի քաղաքական  կարեւոր եւ անկիւնադարձային   իրադարձութիւն եւ  այսպիսով Լիբանանի խորհրդարանը  կրնայ ամլութիւնէն դուրս գալով ընտրել երկրի  յաջորդ նախագահը: Տեղին է նշել, որ այս նախաձեռնութիւնը   տեղի   կ'ունենայ   Լիբանանի Սիւննի համայնքի  առաջնորդ  Սաատ Հարիրիի   ներկայացուցած     նախաձեռնութիւնէն գրեթէ ամիս մը անց,  երբ  Սաատ Հարիրի  նախագահութեան  համար  կ'առաջադրէր  «Ալ Մարատա» հոսանքի  ղեկավար Սլէյման Ֆրանժիյէին անունը: Յիշեցման կարգով  յայտնենք, որ Լիբանանի նախագահի աթոռը կրնայ զբաղցնել միայն Մարոնիթ- Քրիստոնեայ  անձնաւորութիւն մը: