Այսօր երեկոյեան քաղաքական կարեւոր իրադարձութիւն մը գրանցուեցաւ Պէյրութի մէջ: «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժա իր Մահրապի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած հրապարակային հանդիպման մը ընթացքին որդեգրեց «Ազգային ազատ հոսանք»ի ղեկավար Զօր. Միշէլ Աունի նախագահական թեկնածուութիւնը: Գրանցուածը կը համարուի քաղաքական կարեւոր եւ անկիւնադարձային իրադարձութիւն եւ այսպիսով Լիբանանի խորհրդարանը կրնայ ամլութիւնէն դուրս գալով ընտրել երկրի յաջորդ նախագահը: Տեղին է նշել, որ այս նախաձեռնութիւնը տեղի կ'ունենայ Լիբանանի Սիւննի համայնքի առաջնորդ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցած նախաձեռնութիւնէն գրեթէ ամիս մը անց, երբ Սաատ Հարիրի նախագահութեան համար կ'առաջադրէր «Ալ Մարատա» հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրանժիյէին անունը: Յիշեցման կարգով յայտնենք, որ Լիբանանի նախագահի աթոռը կրնայ զբաղցնել միայն Մարոնիթ- Քրիստոնեայ անձնաւորութիւն մը: