Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւն մը կազմելու վերաբերեալ առկայ տագնապը կը շարունակուի: Այս մասին լուր փոխանցող լրատուական աղբիւրեր նաեւ կը հաղորդեն, որ վերջին օրերուն նախագահ Աունի կողմէ՝ մեծամասնական կառավարութիւն մը կազմելու վերաբերեալ առաջարկները մերժուած են երկրի միւս բաղկացուցիչ երեք կարեւոր ուժերուն կողմէն:
Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ մասնաւորապէ «Հըզպալլա» կուսակցութիւնը չէ պատասխանած Աունին այս առաջարկին վերաբերեալ, յայտնելով նաեւ, որ շիիթ կարեւոր ուժին կարծիքը կը համարուի հիմնարար կարծիք մը նոր կառավարութիւն մը կազմելու տեսակէտէն:
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի գործող վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ չորս ամիսներ առաջ ստանձնեց երկրի վարչապետի պաշտօնը, կը բախի լուրջ պատուարներու եւ կարգ մը դէտերու կարծիքով, կառավարութեան կազմութիւնը կ'ուշանայ արտաքին ճնշումներու եւ միջամտութիւններու պատճառով: