Ծանր միջադէպ մը արձանագրուած է Լիբանանի հարաւային Ալ Սիր գաւառին մէջ: Ըստ Only Lebanon կայքին ութ տարեկան երեխայ մը զոհ գացած է, իր 11 տարեկան ազգականի «չար կատակ»ին, երբ վերջինիս ձեռքը եղող որսորդական հրացանը կրակուած է եւ պատճառ դարձած երեխայի մահուան:
Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ սպաննուած երեխան կը կոչուի Ալի Մահթուհ:
Լիբանանի քիչ չէ թիւը այն զոհերուն, որ նման պայմաններու տակ կը մահանան:
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի կառավարական մարմիններ կարեւոր ճիգեր կ'իրականացնեն երկրին մէջ գտնուող ապօրինի զէնքը վերահսկողութեան տակ առնելու համար: