Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 18 Օգոստոսին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի անդամ Արմէն Ռուստամեանը: Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` հանդիպմանը, որուն մասնակցած են ԼՂՀ ԱԺ փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը եւ ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, արծարծուած են Արցախի Հանրապետութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հարցեր: