image

Լաւատես եմ, Որ Ժընեւի Այս Ժողովին Շնորհիւ Կարելի Կ'ըլլայ Հրադադար Հաստատել Սուրիոյ Մէջ. Դեսպան Ռիչըրտ Միլս

Լաւատես եմ, Որ Ժընեւի Այս Ժողովին Շնորհիւ Կարելի Կ'ըլլայ Հրադադար Հաստատել Սուրիոյ Մէջ. Դեսպան Ռիչըրտ Միլս

«Միացեալ Նահանգներու  համար շատ կարեւոր օրակարգ է Միջին Արեւելքի կրօնական փոքրամասնութիւններուն անվտանգութեան խնդիրը»,- «Արեւելք»ին յայտնեց Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլս: Դեսպան Միլս, որ այսօր ներկայ եղած է «Հալէպ» բարեսիրական կազմակերպութեան հովանիին տակ գործող մտաւոր եւ ֆիզիքական սահմանափակ կարողութիւններու տէր երեխաներու  «Արեւիկ-Հայաստան» նոր բարեկարգուած կեդրոնի բացման հանդիսութեան, նաեւ նկատել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգ է Միջին Արեւելքի մէջ փոքրամասնութիւններու ընդհանուր իրավիճակով: «Եզիտիներ, քրիստոնեաներ եւ տարբեր դաւանանքներու  եւ համայնքներու անդամներ այսօր կը ճնշուին եւ իրենց բնօրրանէն կը վտարուին ISIS կոչուած ահաբեկչական կազմակերպութեան պատճառով եւ այս բոլորը յանցագործութիւն են մարդկային քաղաքակրթութեան կեդրոն հանդիսացող Միջին Արեւելքին նկատմամբ: Դեսպան Միլս, անդրադառնալով Ժընեւի մէջ օրերս ընթացող եւ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում բերել փորձող միջազգային ընտանիքի տարած ճիգերուն, ըսաւ. «Միջազգային հանրութիւնը քաջ կը գիտակցի, որ Սուրիոյ տագնապը պէտք է բացառապէս լուծում գտնէ քաղաքական խաղաղ ճանապարհներով եւ ատոր համար է, որ այսօր միջազգային վճռորոշ դեր ունեցող տէրութիւններ մէկտեղուած են Ժընեւի մէջ նպատակ ունենալով նախ եւ առաջ հրադադար հաստատել Սուրիոյ տարածքին»: Դեսպան Միլս, պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցումին, որ արդեօ՞ք Ժընեւի մէջ ընթացող բանակցութիւնները հրադադարի պիտի յանգին, պատասխանեց. «Ես անձնապէս լաւատես եմ ընթացող բանակցութիւններով, բայց նաեւ իրատես եմ: Միջազգային հանրութիւնը Սուրիոյ տագնապին առընթեր կանգնած է կարեւոր հանգրուանի մը առջեւ եւ բոլորը կը գիտակցին, որ տագնապը պէտք է լուծուի  հիմք ընդունելով ՄԱԿ-ի Սուրիոյ համար հրապարակուած թիւ 2254 բանաձեւով, որուն միջոցաւ  կարելի պիտի ըլլայ վերջ մը դնել արիւնահեղ պատերազմին եւ քննարկել տագնապին քաղաքական լուծումներ բերելու տարբեր եղանակները»:

Նշենք նաեւ,  որ Ամերիկեան դեսպանատունը դրամաշնորհ տրամադրած է, «Ճուլիա Թաֆթ» բարեսիրական ծրագիր շրջանակներէն ներս, իրականացնելու համար  «Արեւիկ-Հայաստան» միաւորի նոր կեդրոնի կահաւորման, նորոգման եւ անհրաժեշտ պարագաներով ապահովելու ծախսերը:

Միացեալ Նահանգները տարեկան կտրուածքով 6 միլիար տոլար կը տրամադրէ աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող գաղթականներուն: Այս ծրագիրներուն մէջ Միացեալ Նահանգները նոյնպէս կը գործակցի Հայաստանի հանրապետութեան հետ եւ համատեղ գործակցութեան իբրեւ արդիւնք կարեւոր նիւթական նեցուկ ցոյց կու տայ ՄԱԿ-ի  հովանիին տակ գործող Երեւանի գաղթականներու գրասենեակին (UNHCR): Բնականաբար այս օժանդակութիւններու ծիրին մէջ կ'իյնայ նաեւ Հայաստան հաստատուած եւ ծանր պայմաններ ունեցող սուրիահայերուն օժանդակելու աշխատանքները: Պրն. Միլս նաեւ յիշեցուց, որ ԱՄՆ գաղթականներու օժանդակութեան ծրագրի շրջանակներուն մէջ կ'իրականացնէ «Ճուլիա Թաֆթ» բարեսիրական ծրագիրը: