Երկրի անասնաճարակային եւ համաճարակային իրավիճակը վտանգաւոր է, պատկան մարմինները կը թաքցնեն հանրութենէն իրական տուեալները: Այս մասին խօսեցաւ 26 յուլիսին, ՍԱՊԾ նախկին նախագահ՝ Գրիգոր Գրիգորեանը, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ:
Գրիգորեանի խօսքերուն համաձայն՝ եթէ հողագործը խնդիր մը ունի եւ կ'ուզէ լուծում գտնել, պէտք է ՍԱՊԾ ի հետ հանդիպի ու քննարկէ այդ հարցը:«ՍԱՊԾն ոչ կ'աշխատի եւ ոչ ալ կ'ուզէ աշխատիլ: Բայց խնդիրը պետական քաղաքականութեան մէջ կը կայանայ, անոնք կը մտածեն՝ ամէն ինչ պահեցէք, ամէն ինչ լաւ է, յանկարծ ժողովուրդը չբողոքէ: Պէտք է առարկայական գործնական մտածենք, եթէ խնդիր կայ, ուրեմն պէտք է բարձրաձայնել»:
Ապա անդրադառնալով Երեւանի աղբահանութեան խնդրին՝ Գրիգորեան ըսաւ որ այդ պատճառ է վարակիչ հիւանդութիւններու բռնկման համար. « Քոլերայի եւ այլ կարգ մը հիւանդութիւններու տարածման լաւ պայմաններ են»:
Նոյն հարցի մասին խօսեցաւ նաեւ բնապահպան Սիլվա Ադամեանը եւ նշեց, որ Երեւանի աղբահանութիւնը ճգնաժամային իրավիճակի մէջ է. «Չեմ կրնար պատկերացնել այս վիճակը: Մեր կազմակերպութիւնը ստեղծած է «կարգին աղբ» շարքը ու տարածած ընկերային ցանցերու մէջ, որուն նպատակը ոչ թէ քննադատելն է, ալ ձայն բարձրացնել իրավիճակի լրջութեան մասին եւ ցոյց տալ քաղաքապետին, թէ ուր ինչ պէտք է ըլլայ: Սակայն սայլը տեղէն չի շարժիր: Իրենց յարաբերութիւնները «Սանիթեքի» հետ մեզի երբեք չի հետաքրքրեր»:
Անդրադառնալով հրդեհներու յաճախակի բռնկման, բնապահպանը ըսաւ, թէ Հայաստանը թեքնիքապէս պատրաստ չէ բնապահպանական փոփոխութիւններուն. «Մասիւ ականատես եղանք հրդեհի մը, մարդ չկար, որ այդ հրդեհը մարէր: Թեքնիք միջոցները այնտեղ չէին, հասկնալով վիճակը, յաճախ զգուշացուցած ենք՝ որ լուրջ բնապահպանական փոփոխութիւններ պիտի դիմակայենք, Հայաստանը պէտք է պատրաստ ըլլայ, բայց դժբախտաբար պատրաստ չենք դեռ:
Լուրը՝ news.am-էն: