image

Կուկըլ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք կը յայտարարէ

Կուկըլ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք կը յայտարարէ

Բրիտնական «BBC»-ին  յայտնած է, որ որոնումներու «Google» ընկերութիւնը իր քարտէզները թարմացնելով Երուսաղէմը նշած է որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք:

Որոնումներու ընկերութիւնն այս քայլին դիմած է նախագահ Թրամբի ելոյթին նախօրէին, որուն ընթացքին կը սպասուի վերջինիս կողմէ Երուսաղէմը յայտարարել որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք:

Նման յայտարարութիւն, ըստ քաղաքագէտներու, արաբական եւ իսլամական աշխարհի մէջ բուռն զայրոյթի ալիք պիտի բարձրացնէ: