image
Հրատապ լուրեր:

«Կոնքուր»-ի Մրցանակակիր ֆրանսացի վիպագիր Լայլա Սլէյմանի կը պաշտպանէ համասեռականները

«Կոնքուր»-ի Մրցանակակիր ֆրանսացի վիպագիր Լայլա Սլէյմանի  կը պաշտպանէ  համասեռականները

«Կոնքուր»-ի մրցանակակիր, մարոքցի  արմատներով, ֆրանսացի վիպասան՝ Լայլա Սլէյմանի, համացանցի կայքէջի մը վրայ նոր կոչ ուղղած է, ի նպաստ համասեռականներուն, որուն մէջ ինքզինք կը պաշտպանէ հերքելով իր «խնդրայարոյց» անձ ըլլալը: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Քուտս», նշելով, որ «Le360» կայքէջին վրայ, շաբաթական իր սիւնակին մէջ Լայլա գրած է. «Պատկերացուր, ինչպէս տղամարդիկ կը քնանան մարոքեան բանտերու մէջ: Անոնք կը կորսնցնեն իրենց յարգանքը, համբաւն ու արժանապատուութիւնը իրենց սեռական հակումի հետեւանքով»: Սլէմանի համասեռականները պաշտպանած էր «Քաղցր բառեր» վէպի մրցանակը ստանալէն ետք: «Ֆրանս Էնթր» ռատիօկայանի միջոցաւ ան մարոքցիներուն կոչ ուղղած է ըմբոստանալ «միջնադարեան կանոն»-ին դէմ, ընդդիմանալով Մարաքէշի մէջ, անչափահաս երկու աղջիկներու կալանաւորման, որոնք ամբաստանուած էին համասեռականութեա մեղադրանքով:

Ինքզինք զրպարտութիւններէ պաշտպանելով, ան գրած  է. «Հակառակ հիւանդ հոգիներու ամբաստանութիւններուն՝ ես խնդրայայրոյց կամ օտարացման չատագով չեմ: Միակ բանը, որ կը պաշտպանեմ՝ արժանապատուութեամբ ապրելու, մարմնին հետ ազատ վարուելու, եւ ընկերային կամ ընտանեկան բռնութենէ պահպանուելու մարդու իրաւունքն է», աւելցնելով, որ  ինք շատ անգամ վախ կ'ապրի, կը տխրի երբ իր հասցէին ուղղուած ատելութեան, բռնութեան եւ ցեղապաշտական շունչով նամակներ կը ստանայ: