Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընդառաջելով Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին, վաղը առաւօտ կը ժամանէ Հայաստան մասնակից դառնալու Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն։ Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան կայքէջը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ Նորին Սրբութեան կ’ընկերանան՝ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։