image

Կիլիկեան Աթոռի գահակալը պիտի մասնակցի ՀՀ Անկախութեան միջոցառումներուն

Կիլիկեան Աթոռի գահակալը պիտի մասնակցի ՀՀ Անկախութեան միջոցառումներուն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընդառաջելով Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին,  վաղը առաւօտ կը ժամանէ Հայաստան մասնակից դառնալու Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած  միջոցառումներուն։ Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան կայքէջը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ  Նորին Սրբութեան կ’ընկերանան՝ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։