Բ.
Գալով նորածինին, զայն գաղջ ջուրով լուալէ ետք, անոր անութները կ՚աղեն: Անութներուն մաշկը շատ նրբին ըլլալով, արդեօք որքան կը չարչարուէր ան աղին առթած տեղական այրուցքէն ու ներծծուած աղին թունաւորումէն: Կը պատահի, որ մանչ զաւակները մինչեւ հինգ տարեկան սնանին մօր կաթով: Զանոնք «կաթէ կտրելու» համար պղպեղ կը քսէին կաթնտուին ստինքին: [18] Ծանօթ է թէ մօր կաթը կը պաշտպանէ վարակիչ հիւանդութեանց դէմ խթանելով ախտազերծումը շնորհիւ Immunoglobuline A-ի (IgA) եւ մանրէասպան նիւթերու, որոնցմէ՝ lactoferrin-ը: Կաթնակերութեան շրջանին մանուկը յատկապէս պաշտպանուած է լուծումի, միջնականջի բորբոքման (otitis media), շնչառական գործարաններու վարակումի, նորածինային արեան թունաւորման (neonatal septicemia) եւ հարբուխի (influenza) հիւանդութեանց դէմ: Բազմաթիւ պարագաներ ցոյց կու տան, թէ այս բնածին պաշպանութեան տեւողութիւնը կ՚երկարի դիեցման ժամանակին համեմատ [19]։ Արդեօք երկարատեւ դիեցումը մինչեւ 5-րդ տարիքը որեւէ առաւելութիւն կը պարգեւէ՞ մանուկին: Այս առընչութեամբ Australian breastfeeding association-ը իր մէկ գրութեան մէջ կը յանձնարարէ՝ բացարձակ դիեցում մինչեւ 6 ամսական, խառն դիեցում մայրական կաթ ու ուրիշ ուտելիքներ մինչեւ 12-24 ամսական, իսկ անկէ ետք, այս կերպով շարունակել այնքան ատեն որ մայրը եւ զաւակը կը փափաքին [20]:
Այս «տղաբերքի» մասը աւարտելէ առաջ արդար է հարցադրել թէ արդեօք կա՞ն միջոցներ մայրական կաթին գոյութիւնը երկարաձգելու: Գիտենք թէ որոշ բոյսեր կաթնաբեր յատկութիւններ ունին, ասոնց կարգին է անիսոնը եւ չամանը [21]: Ըստ Ալպօյաճեանի, կեսարացիները այս երկու բոյսերն ալ կ՚ամբարեն իբրեւ ձմեռնային պաշար [22]: Առաւել եւս գիտենք, թէ կեսարացիներուն առօրեայ սննդեղէնին մաս կը կազմէ պաստըրման, որուն մութ կարմիր կեղեւին մէջ կայ երկարատեւօրէն հոտաւէտ չամանը:
Իսկ երբ ատենը կու գայ «կաթը կտրելու», մայրը կ՚անցնի կաթնաշաղ մոխիրով լեցուն տոպրակին տակէն, կամ անոր կուրծքին վրայ անակնկալօրէն պաղ ջուր կը սրսկեն [23]:
Ուխտավայրեր
Կեսարիոյ գաւառին բոլոր շրջաններուն վանքերն ու մատուռները՝ կանգուն թէ կիսաւերակ, ուխտատեղիներ են, ներառեալ՝ որոշ քարայրներ եւ խոռոչներ: Յիշատակելի է, որ Կեսարիոյ մէջ սրբապատկերներու պաշտամունք չէ եղած: Կրօնասիրութիւնը կ՚արտայայտուի մոմավառութեամբ ու նուիրատւութեամբ, օրինակի համար կանայք իրենց գլխաշորին մէջ կարուած ոսկիներէն կը նուիրեն տեղւոյն սուրբին: Ուխտագնացութիւններ կը կատարուին իղձերու իրագործման, տնտեսական բարօրութեան ու հիւանդութիւնէ եւ ամլութենէ ազատման համար: Ոտաբոպիկ մայրեր կ՚երթան սրբավայրերուն դռները ապաքինում խնդրելու: Սրբավայրերէն ամենէն անուանին Կեսարիա քաղաքին մօտակայ Սուրբ Կարապետի շիրիմն է համանուն վանքին մէջ: Ուխտա-
գնացութիւն կը կատարուի Վարդավառի Կիրակին: Ուխտաւորները Ուրբաթ օրուընէ ճամբայ կ՚ելլեն իրենց մատաղցուներով: Վանքը կը յատկացնէ սենեակներ եկուորներուն, որոնք ոչ միայն կը լեցնեն վանքին արկղերը դրամով ու արժէքաւոր իրերով, այլ նաեւ կը վճարեն մատաղագին կամ պատարագուց: Ս. Կարապետի մօտակայ Ս. Դանիէլի եւ Ս. Գրիգորի վանքերն ալ այցելողներ կ՚ունենան այդ առիթով: Բացականերուն համար ուխտագնաց ազգականները այդ տեղերէն «հրաշագործ զօրութեամբ հող» (ճուհար) կը տանին [24]:
Ոգիներ եւ ուրիշ
նախապաշարումներ
Կեսարացի կամ մունճուսունցի «պառաւը» կը հաւատար չար ու բարի ոգիներու ազդեցութեան ու անոնց գործունէութեանց: Շատեր կը կարծէին թէ այս չար ոգիները՝ ալերը կամ ղարա-ղուրաները, երիտասարդ հարսի կերպարանքով կը «կոխեն տղաձգանին [ծննդաբեր] վրայ ու անոր թոքը հանելով ջուրը կը նետեն», զայն սպաննելու նպատակով: Ծննդաբերը կրնայ ինքզինքը փրկել ղարա-ղուրային մատը խածնելով: Համոզում կար որ սատանաները կրնան նաեւ հիւանդութիւններ բերել: Անոնք մանկանց մէջ մտնելով կը պատճառեն պրկախտ եւ ջղաձգական ցնցումներ: Ի՞նչ էր անոնց դէմ փրկութիւնը. խաչակնքում, զանազան յատուկ աղօթքներ, որոնք կ՚արտասանուէին գիշերը անկողին մտնելէ առաջ։ Անոնցմէ մէկուն մէջ կ՚ըսուէր՝
«…Լուսաւորիչ պապան հոս է,
Փիլոնը վրաս ծածկոց է…» [25]:
Ընտանիքէ մը ներս եթէ կար հոգեկան հիւանդ մը, «խենթ» մը, ինչպէս այդ ատենները կը կոչէին, ապա սովորութիւն էր զանոնք տանիլ Զինճի-Տէրէի յունական վանքը «վրանին կարդալու» եւ այս կերպով զանոնք չար ոգիներէ ազատելու համար [26]:
Տան սեմերուն մոխիր սրսկելով կարելի կ՚ըլլայ ձերբազատիլ տաք եղանակի լուերէն, իսկ Աւագ Ուրբաթ օրը կաղամախիին (white poplar) վրան գամ զարնելով պալար (pimple/boil) չի բուսնիր մարմնին վրայ, ու նոյն օրը գլուխ լուալով հիւանդին երկարատեւ ցաւը կ՚անցնի [27]:
Մանկանց դեղնախտը դարմանելու համար կեսարացիք անոր վրայ հացի կտոր մը կը դնեն, իսկ թալասցիք ոսկի կը կախեն:
Շիլութիւնը կանխելու մտօք էվէրէկցիները ու թալասցիները մկրտութեան յաջորդող օրուան լոգանքի ջուրը կը թափեն անկոխ տեղ մը, իսկ մունճուսունցիները մանուկը մկրտութեան տանելու ժամանակ չեն նայիր:
Եթէ երախան ուշանայ լեզու ելլելու, էֆքէրէցիները սովորութիւն ունին Ս. Կարապետի մատուռին բանալին 3 անգամ անխօս մանուկին բերանը դնելու [28]:
Մունճուսունցիք ու էվէրէկցիք ծերունիի մը կ՚առաջարկեն նորածինին բերանը թքնել զայն երկարակեաց դարձնելու համար:
Մարմնոյն ցաւած անդամին արծաթեայ «պատկերը» կը տարուի Ս. Կարապետի, Յակոբի, Թորոսի ու Մինասի վանքերը բուժման համար:
Չար աչքով հիւանդացածը բուժելու համար պառաւ մը դանակին ծայրամասին հաց կ՚անցընէ ու եօթը անգամ կը պտըտցնէ հիւանդին գլխուն «Հայր մեր» արտասանելով [29]:
Քնատութենէն կարելի էր բուժուիլ ենթակային բարձին տակ պահելով օձի շապիկ:
Լալկան մանուկը կը լռէ, եթէ Ուրբաթ օր հօրը հողաթափով անոր բերանին զարնեն:
Վերադառնալով ծննդաբեր կնոջ, զայն ստինքի ցաւէն ազատելու համար մայր մը իր անդրանիկ դուստրին երկայն մազերը տարածելէ ետք ցաւած մասին վրայ աղջկան հետ փոխնիփոխ կը սանտրեն փռուած ծամերը [30]:
Հիւանդ մը ակնահարողին (աչք զարնողին) սեռը գիտնալու համար բախտագուշակ հմուտ տիկիններ հալած կապար կը թափեն պաղ ջուրին մէջ, ու հոն մետաղին ստացած ձեւէն դատելով տափարակ կամ ուռուցիկ, կը գուշակուի թէ չար աչքը իգակա՞ն է, թէ՞ արական: Սակայն Ալպօյաճեան կը գրէ, թէ կեսարացիները ըլլալով արթուն, գործնական անձինք ու հետեւաբար իրապաշտներ, սնոտիապաշտութիւնները համեմատաբար աւելի կանուխ թօթափած են, բաղդատած դրացի այլ գաւառներու [31]:
Ժողովրդային դարմաններու
ուրիշ կերպեր
Ատոնց կարգին թուենք ջրաբուժութիւնը, որ կը գործածուի օրինակ յօդացաւի պարագային (կային բազմաթիւ ջերմուկներ), բնական դեղօրայքով դարմանումներ (դեղաբոյսերով, կենդանական ու հանքային նիւթերով), մարձական, վիրաբուժական ու բեկաբուժական միջոցներ:
Այս յօդուածով արդէն տեսանք թէ ինչպիսի իրաւացի յոռետեսութեամբ եւրոպացի ճանապարհորդներ նկարագրած են Կեսարիոյ գաւառին ապառողջական պայմանները: Կարելի է մտածել, թէ մեծ քաղաքներուն, օրինակ՝ Կեսարիոյ մէջ, պատկերը տարբեր էր: Այդ գծով Ալպօյաճեանէն կ՚իմանանք թէ քաղաքացիք փոխանցիկ հիւանդութեանց տարածումը կասեցնելու համար կը գործածեն հականեխական միջոցներ: Անոնցմէ է մայրիի սղոցուած եւ քացախի մէջ թաթխուած փայտերուն եռացումով թորումը: Այս միջոցը տան մթնոլորտը կը լեցնէ մանրէասպան ցնդական իւղերով [32]: Արդի բուսաբուժութիւնը կը հաստատէ զանազան մայրիներու ցնդական նիւթերուն ունեցած մանրէասպան յատկութիւնները [33]:
_______
[18] Նոյն, էջ 1734։
[19] Lars A. Hanson, “Breastfeeding provides passive and likely long-lasting active immunity”, in Annals Allergy Asthma Immunology, 1998 Dec, 81 (6), pp. 523-533։
[20] www.breastfeeding.asn.au//bfinfo/how-long-should-i-breastfeed
[21] Felipe Penagos Tabares, Juliana V. Bedoya Jaramillo, and Zulma Tatiana Ruiz-Cortés, “Pharmacological overview of galactogogues” : www.ncbi.nlm.nih.gov/pmc/articles/PMC4165197/
[22] Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ, Բ. հտր., էջ 1704։
[23] Նոյն, էջ 1735, 1740։
[24] Նոյն, էջ 1748-1751։
[25] Նոյն, էջ 1776-1777։
[26] Նոյն, էջ 1780։
[27] Նոյն, էջ 1784։
[28] Նոյն, էջ 1791։
[29] Նոյն, էջ 1795։
[30] Նոյն, էջ 1798։
[31] Նոյն, էջ 1801։
[32] Նոյն, էջ 1742։
[33] Antoine Saab et al, “Essential oils components in heart wood of Cedrus libani and Cedrus atlantica from Lebanon”: www.researchgate.net/publication/215754551_Essential_oils ■
(Շար.2)