Հէ. Տէ. Փէ. կուսակցութեան երեսփոխան Կարօ Փայլան, որ անդամ է Թուրքիոյ խորհրդարանի փլանաւորման ու պիւտճէի յանձնախումբին, պահանջած է, որ յանձնախումբը կիրակի առտուները մէկուկէս ժամ դադար ընէ, որպէսզի Փայլան մասնակցի կիրակի օրուան եկեղեցական արարողութեան: Փայլան իր առաջարկի մէջ յիշեցուցած է, որ ուրբաթ օրերը աղօթքի համար արձակուրդ կը տրուի պաշտօնական գրասենեակներու մէջ, եւ նոյն իրաւունքը պահանջած է կիրակիի համար. «Եթէ ուրբաթը մահմետականներու համար սուրբ օր է, կիրակին ալ՝ քրիստոնեաներուն համար»,- ըսած է ան:
Յանձնախումբի նախագահ Սիւրէյյա Պիլկիչ ընդունած է Փայլանի առաջարկը եւ որոշուած է, որ յանձնախումբը եկեղեցիի մէկուկէս ժամուան արձակուրդ մը տայ կիրակի օրերը: Փայլան յայտնած է, որ ինք այդ դադարը պիտի օգտագործէ տեղւոյն ուղղափառ եկեղեցի մը երթալու ու իր աղօթքը կատարելու համար: