Հայաստան հաստատուած սուրիահայեր, ինչպէս նաեւ այլ հայրենադարձներ, ցոյց կ՝իրականացնեն Սփիւռքի նախարարութեան շէնքին դիմաց: Անոնք դէմ են Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ ցոյցի մասնակիցները կը նշեն, որ Հայաստանը ոչ բոլոր երկիրներուն մէջ ունի դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, բայց Սփիւռքի նախարարութիւնը կապի մէջ եղած է բազմաթիւ երկիրներու հայ համայնքներուն հետ, անոնց ձայնը լսելի դարձուցած Հայրենիքի մէջ: Բացի այդ, Սփիւռքի նախարարութիւնը կառավարութեան մէջ հանդէս եկած է տարբեր առաջարկներով, որոնց իբրեւ արդիւնք կարգաւորուած կամ դիւրացուած են Հայաստանի մէջ հաստատուած սփիւռքահայերու հետ կապուած հարցերը: Անոնք մտահոգութիւն կը յայտնեն, որ Սփիւռքի նախարարութեան մինչեւ այժմ կատարած զգալի աշխատանքը զերօ կը դառնայ: Ատիկա այն պարագային, երբ Հայաստանէն դուրս մեծ թիւով հայեր կ՝ապրին: Ցոյցին մասնակիցները մտադիր են իրենց մտահոգութիւնները նամակի տեսքով ներկայացնելու ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարին:
Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքի վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ բազմաթիւ սփիւռքահայեր միացած են նախարարութիւնը պահելու կոչին:
«Այս օրերին բազմաթիւ զանգեր ենք ստանում աշխարհի տարբեր երկրների հայ համայնքներից: Ներկայացուցիչները նշում են, որ նախարարութիւնը պէտք է շարունակի իր գործունէութիւնը: Նախարարութիւնը պահելը շատ կարեւոր խնդիր է: Մենք հանդիպում ունեցանք նախարարի հետ, ով փորձում է այս հարցը քննարկել ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարի հետ: Վաղը նախատեսւում է նման քննարկում: Մենք կարծում ենք, որ առհասարակ ինստիտուտ չունենալը բաւական լուրջ հետեւանք կ'ունենայ: Ի դէպ, «Իմ քայլը» դաշինքի նախընտրական ծրագրում կան կէտեր, որոնք առնչւում են Սփիւռքին: Սփիւռքի հետ աշխատանքի համար պէտք է ունենալ ինստիտուտ, ոչ թէ գերատեսչութիւնների առանձին բաժիններ: Մենք, Սփիւռքի հետ կապուած, ունենք յստակ միասնական քաղաքականութիւն վարելու կարիք»,-ըսած է Լեւոն Անտոնեանը:
Նախարարութեան խումբ մը աշխատակիցներ՝ ցոյցի մասնակիցներուն հետ ուղեւորուած են ՀՀ կառավարութիւն՝ նամակը փոխանցելու: Կառավարութեան շէնքին մօտ՝ ցոյցի մասնակիցներուն մօտեցած է ՀՀ կառավարութեան քաղաքացիներու ընդունելութեան եւ դիմումներու քննարկման վարչութեան պետ Ալեքսանդր Ղազարեանը եւ ընդունած է նամակը: