image

Կամաւորները Արցախէն պիտի վերադառնան

Կամաւորները  Արցախէն պիտի վերադառնան

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Վիեննաէն վերադառնալէն անմիջապէս ետք հրահանգած է, որ կամաւորները վերադառնան: Այս մասին կը գրէ «Հրապարակ» օրաթերթը, նշելով, որ իրավիճակը այժմ յարաբերականօրէն հանդարտ է, բանակցութիւններու փուլ կ'ընթանայ։

Երէկուընէ սկսեալ, կամաւորները խումբ-խումբ Հայաստան կը վերադառնան: Ապրիլեան դեպքերէն ետք մօտ 4.400 ազատամարտիկներ եղած են Արցախի մէջ եւ  շփման գօտիներու վրայ:

«Առաջին հերթափոխին մեկնած է 1700 կամաւոր, որոնք ստացած են զէնք եւ համազգեստ։ Այժմ տեղի կ'ունենայ զէնքի յանձնում-ընդունում»,- գրած է թերթը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, թէ որոշ դժգոհութիւններ առաջացած են այս հրահանգի կապակցութեամբ, որովհետեւ կամաւորականները կ'ուզէին Արցախ մնալ այնքան ժամանակ, մինչեւ ետ գրաւեն կորսուած տարածքները։