Ջաւախքի բնակիչները փակած են հայ-վրացական սահմանը: Անիոնք յայտարարած են, որ սահմանը փակ պիտի պահեն այնքան ժամանակ, մինչեւ հանդիպում չըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան անդամներու հետ:
Ըստ անոնց՝ միայն այսպէս լուծում կը տրուի ՀՀ երկքաղաքացիութիւն ստացած անձերու խնդիրներուն, որոնք այս պահուն Հայաստանի մէջ հետախուզման մէջ կը գտնուին:
Տեսանիւթին մէջ ցոյց իրականացնողները կը ներկայացնեն` այն երիտասարդները, որոնք երկքաղաքացիի հայկական անձնագիր ստացած են, Ռուսաստանէն տուն վերադառնալու եւ Հայաստան մուտք գործելու ժամանակ փաստի առաջ կանգնած են: Անոնք ընտրութեան երկու տարբերակ ունին՝ կա՛մ պէտք է զորակոչուին ՀՀ բանակ, կա՛մ 5 տարի ժամկէտով ազատազրկուին:
«Արգելում են մեզ Վրաստան մտնել, մեր տղաներին բռնում, պատասխանատուութեան են ենթարկում՝ կա՛մ 5 տարի պիտի նստեն, կա՛մ պիտի Հայաստանի բանակում ծառայեն: Այս երկու տարբերակն է:
Մենք հաւաքուել ենք, որ այս հարցին լուծում տանք, ջաւախքցին զբաղուած է, ջաւախքցին ընտանիք ունի, հազար ու մի խնդիր ունի լուծելու, մենք դրա համար ենք հաւաքուել»,- ըսած է ցուցարարներէն մէկը:
Աւելի ուշ վրացական «Ալիք Մետիան» յայտնած է, որ ցոյցի մասնակիցներուն ՀՀ ոստիկանութենէն ըսած են, որ պատկան բոլոր մարմինները տեղեակ են խնդիրէն, այսօր՝ 15 դեկտեմբերին, մասնակիցներէն մի քանին պիտի ընդունուին ՀՀ կառավարութեան կողմէ: