image

Իտլիպի մէջ ռուս մասնագէտներ զոհուած են

Իտլիպի մէջ ռուս մասնագէտներ զոհուած են

Իտլիպի մէջ ռուս եւ թուրք զինուորականներ զոհուած են՝ յայտնած են ՌԴ ԱԳՆ-էն: Այլ մանրամասներ յայտնի չեն, յայտնի է միայն, որ դէպքը տեղի ունեցած է տարածաշրջանին մէջ ահաբեկիչներու աշխոյժութեան հետեւանքով. վերջին 14 օրուան ընթացքին անոնք աւելի քան հազար յարձակում իրականացուցած են, կը հաղորդէ ՌԻԱ Նովոսթին:

Յունուարի կէսերուն ռուս եւ թուրք զինուորականները Իտլիպի մէջ «լռութեան ռեժիմ» մտցնելու հերթական փորձ ձեռնարեցին, սակայն ահաբեկիչները չեն նուազեցրեր աշխոյժութիւնը՝ յստակեցուցած են ՌԴ ԱԳՆ-էն:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ սուրիացի զինուորականներու զոհերու եւ վիրաւորներու թիւը կը հասնի 100-ի: Բացի այդ, ՌԴ ԱԳՆ-ի հաղորդմամբ, չեն դադրիր հարուածային անօդաչուներու կիրառմամբ յարձակման փորձերը ռուսական Հմեյմիմ օդակայանի վրայ: