Ազատ բանակի ռազմական ջոկատներէն մէկուն քաղաքական գրասենեակի նախագահ Մուսթաֆա Սեճարի յայտնած է, որ իրենք պատրաստ են շատ կարճ ժամանակուայ ընթացքին Իտլիպի մէջ «Նուսրա»ի խնդիրը լուծել, սակայն կայ այնպիսի խոչընդոտ մը, որ կը խանգարէ անոնց դէմ իրականացուած իւրաքանչիւր յարձակում:
Թուիթըրեան իր գրառման մէջ Սեճարի նշած է, որ Սուրիոյ ճգնաժամին առնչուող միջազգային ուժերը տրամադրուած չեն «Նուսրա»ի խնդիրը լուծել, եւ ամէն անգամ, որ որեւէ ուժ կը փորձէ յարձակում գործել վերջինիս վրայ, անմիջապէս կը զրկուի միջազգային օժանդակութենէ, մինչդեռ «Նուսրա»ի օժանդակումը առ այսօր անխափան կը շարունակուի:
Սեճարիի պնդմամբ, «Նուսրա», «Քահիտէ», «Իսլամական Պետութիւն» եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներ միջազգային ուժերու ներդրման աղբիւրներն են Սուրիոյ մէջ, հետեւաբար անոնցմէ ոչ ոք շահագրգռուած է վերջիններուս վերացմամբ:
Սեճարի պատրաստակամութիւն յայտնած է Ազատ բանակի միջամտութեամբ ռազմական լուծում տալ «Նուսրա»ի խնդիրին, պայմանաւ, որ երաշխաւորուի Իտլիպի եւ այլ շրջաններու մէջ իրենց ռազմակէտերը յարձակման չենթարկուիլը: