image

«Իսթանպուլի պայմանադրութեան» դէմ բողոքի ալիքը կը շարունակուի

«Իսթանպուլի պայմանադրութեան» դէմ բողոքի ալիքը կը շարունակուի

Եւրոպայի խորհուրդի երեւանեան գրասենեակի դիմաց 1  նոյեմբերին, Իսթանպուլեան պայմանադրութեան վաւերացման դէմ կազմակերպուած բողոքի հաւաքը աւարտած է խորհրդանշական կապոյտ ծուխ արձակելով։

«ՎԵԹՕ» շարժման հիմնադիր Նարեկ Մալեանը յայտարարած է․ «Մենք այստեղէն երկնագոյն ծուխ կը բարձրացնենք, որպէսզի մեր եւրոպացի հիւրերը աւելի պարզ պատկերացնեն, թէ ինչը մենք չենք հաւնիր, եւ թէ ինչը մեզ հաճելի չէ»:

Նշենք, որ երէկ ԱԺ-ի մէջ տեղի ունեցած է պատգամաւորներու եւ Եւրոխորհուրդի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու համատեղ քննարկումը՝ կապուած Իսթանպուլեան պայմանադրութեան վաւերացման հետ: Քննարկումը փակ էր:  Հանդիպման մասնակցած են Վենետիկի յանձնաժողովի փոխնախագահ Վերոնիքա Պելքովան եւ Գրեւիոյի նախագահ Մարսէլին Նաուտին:

Միաժամանակ ԱԺ բակին մէջ Իսթանպուլեան պայմանադրութեան վաւերացման դէմ բողոքի ցոյց կ'իրականացնէր «Կամք» շարժումը, որմէ ետք տեղի ունեցած է երթ Երեւանի փողոցներով: ԵԽ գրասենեակի դիմաց Իսթանպուլեան պայմանադրութեան վաւերացման դէմ բողոքի ցոյցին միացած են Նարեկ Մալեանի գլխաւորած «ՎԵԹՕ» նախաձեռնութիւնը: