Իսրայէլի Քընէսէթը յառաջիկային կրնայ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը քննարկել: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ հայրենի «Արմէնփրէս»ը, որ թեմայի շուրջ զրուցած է Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Սեւանին հետ: «Մենք այժմ կ'աշխատինք յստակ ժամկէտ մը ճշդելու ուղղութեամբ: Կ'ակնկալենք, որ յառաջիկային այդ թուականը յայտնի պիտի ըլլայ: Ինչպէս ծանօթ է , ցեղասպանութեան մասին նախագիծը քննարկուած է Քնեսէթի կրթութեան, մշակոյթի ու մարզական հարցերով յանձնաժողովին կողմէ եւ հիմա կը սպասենք, որ հարցը ներառնուի եւ քննարկուի նաեւ լիագումար նիստի օրակարգի վրայ» նշած է Յակոբ Սեւան: Սեւանի հաղորդմամբ, Իսրայէլի մէջ նկատելի դարձած են հայոց ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ դրական փոփոխութիւններ: «Իսրայէլի Քնեսթի մօտեցումներուն մէջ ցեղասպանութեան հարցի առընչութեամբ վերջին տարիներուն բաւական մեծ յառաջընթաց մը արձանագրուած է: Մենք կ'աշխատինք տարբեր հարթակներու եւ մակարդակներու վրայ» ըսած է Սեւան, աւելցնելով, որ մասնաւորաբար աշխատանք կը տարուի այն երեսփոխաններուն հետ, որոնք դրական դիրքորոշում ունին հայոց ցեղասպանութեան հարցի շուրջ, դիտել տալով, որ այդպիսի երեսփոխաններու շրջանակը կ'ընդարձակուի: