Իսրայէլցի սահմանապահները Երուսաղեմի դարպասներու մօտ կրակած են իրենց վրայ դանակով յարձակած 16- ամեայ աղջկան վրայ: Այս մասին կը յայտնեն տեղական լրատուամիջոցները:
16-ամեայ պաղեստինցի աղջիկը, «Ալլահու Աքպար» պոռալով դանակով յարձակած է դարպասներու մօտ հերթապահութիւն ընող ոստիկաններուն վրայ:
«Արագ եւ վճռական գործելով՝ ոստիկանները կրցած են վնասազերծել իսլամիսթ աղջկան, որ տեղւոյն վրայ մահացած է», - յայտնած են Իսրայէլի իրաւապահ մարմինները: