image

Իսրայէլ Զինուորական Մեծ Գործարք Մը Կնքած է Ազրպէյճանի Հետ

Իսրայէլ Զինուորական Մեծ Գործարք Մը Կնքած է Ազրպէյճանի Հետ

Իսրայէլ- («Հաարէց»- Թէլ Աւիւ)-  Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան պատասխանատուները յայտնած են, թէ կիրակի օր Իսրայէլի եւ Ազրպէյճանի միջեւ 1,6 միլիար տոլարի արժողութեամբ գործարք մը կնքուած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հաարէթզ», նշելով որ,  Իսրայէլը անօդաչու թռչող սարքեր, ինչպէս նաեւ հակաօդանաւային եւ հրթիռային պաշտպանական համակարգեր վաճառած է Ազրպէյճանին, այսպիսով իսրայէլեան զարգացած թէքնիք սրաքերը հասցնելով իր մեծագոյն թշնամի Իրանի շեմին: Իսրայէլի կողմէ ռազմա-օդային արտադրանքներու վաճառքը կ՛ուգար շատ նուրբ ժամանակահատուածի մը, երբ Իսրայէլ ջանքեր կը գործադրէր դիւանագիտական դաշինքներ կազմելու տարածաշրջանի մը մէջ, ուր իրեն հանդէպ թշնամութիւնը հետզհետէ կ'աճէր:

Աղբիւրի համաձայն, Իսրայէլի ամենամեծ մտահոգութիւնը Իրանի կորիզայինի ծրագիրն է, որու կապակցութեամբ Իսրայէլի առաջնորդները ակնարկած էին,  որ իրենք պատրաստ են նոյնիսկ յարձակում գործել Իրանի դէմ, եթէ անոր կորիզայինի չէզոքացման հարցը այլ ճանապարհով լուծում չգտնէ: Հետեւաբար, ինչպէս կը նշէ «Հաարէթզ»,  տակաւին յստակ չէ, թէ արդեօք Ազրպէյճանի հետ կնքուած ռազմական գործարքը կապ ունի՞ Իսրայէլի կողմէ Իրանին հարուածելու մտադրութեան հետ, թէ՞՝ ոչ:

Իսրայէլեան Մոսատի լրտեսական գործակալութեան նախկին ղեկավար Տանի Եամութ այս մասին խօսելով, նշած է, որ գործարքի ժամկէտը ամենայն հաւանականութեամբ պատահական է. «Նման գործարքներ  երկար ժամանակի կը կարօտին գործադրման փուլի անցնելու համար», ըսած է Եամութ, նշելով որ , Իսրայէլ պիտի շարունակէ զէնք վաճառել իր ընկերներուն, եւ «Եթէ այդ մէկը պիտի օգնէ Իրանին դիմադրելու, ապա՝ աւելի լաւ »:

Կը նշուի նաեւ, որ Իսրայելի հետախուզութեան համար Ազրպէյճանէն օգուտ քաղելու այլ հնարաւորութիւն մը եւս կայ, որ կը կայանայ անոր ունեցած նշանակալից միջսահմանային շփումներուն եւ Իրանի ազպէյճանական մեծ համայնքին հետ առեւտուրի հնարաւորութեան մէջ: