image

Իսրայէլ շահեր ունի Թուրքիոյ հետ. Ի՞նչ շահերու մասին է խօսքը

Իսրայէլ շահեր ունի Թուրքիոյ հետ. Ի՞նչ  շահերու մասին է  խօսքը

Իսրայէլի Հետախուզութեան ու երթեւեկութեան նախարար Իսրայէլ Քաթս յայտնած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Իսրայէլի հետ «բարեկամ թշնամի»ի խաղը կը խաղայ:

Իսրայէլեան «Իլաֆ» թերթին տուած հարցազրոյցի ժամանակ Քաթս ըսած է. «Էրտողան մշտապէս կը քննադատէ մեզ, եւ մեր չպատասխանելը չի նշականեր որ չենք նկատեր, սակայն անոր քննադատութիւնները զինք ետ չեն պահեր Հայֆայի միջոցով իրագործած իր առեւտուրին Թուրքիայէն Արաբական Ծոցի ուղղութեամբ կատարուած առեւտուրի 25 տոկոսը յատկացնելէ»:

Այնուհետեւ աւելցուցած է, որ հակառակ ամէն ինչի, ու հակառակ անոր, որ Էրտողան ինքզինք «Իսլամ եղբայրներ» խմբաւորման ղեկավարը կը համարէ, Իսրայէլ կը շարունակէ պահպանել Թուրքիոյ հետ կապը, ու Թուրքիոյ հետ առեւտրական կապը չ'ազդուիր Էրտողանի արարքներով: