Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն Եաքոֆ Պարաք յայտարարած է, որ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի յառաջիկայ պատերազմի նպատակը վերջնական յաղթանակ գրանցելն է, որուն դրսեւորումներէն մէկն է «Հըզպալլա»ի ղեկավար Հասան Նասրալլայի սպանութիւնը:
«Հաարէթց» թերթին փոխանցմամբ, Պարաք համոզմունք յայտնած է, թէ Ղազզայի դէմ պատերազմի բռնկումը մօտ է, սակայն ներկայիս նախապատրաստական գործողութիւններն ուղղուած են Լիբանանի եւ հաւանաբար նաեւ Սուրիոյ դէմ: