image

Իսրայէլ կը սպառնայ Նասրալլան հաշուեյարդարի ենթարկել

Իսրայէլ կը սպառնայ Նասրալլան  հաշուեյարդարի ենթարկել

Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն Եաքոֆ Պարաք յայտարարած է, որ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի յառաջիկայ պատերազմի նպատակը վերջնական յաղթանակ գրանցելն է, որուն դրսեւորումներէն մէկն է «Հըզպալլա»ի ղեկավար Հասան Նասրալլայի սպանութիւնը:

«Հաարէթց» թերթին փոխանցմամբ, Պարաք համոզմունք յայտնած է, թէ Ղազզայի դէմ պատերազմի բռնկումը մօտ է, սակայն ներկայիս նախապատրաստական գործողութիւններն ուղղուած են Լիբանանի եւ հաւանաբար նաեւ Սուրիոյ դէմ: