image

Իսլամը Եւ Մենք

Իսլամը Եւ Մենք

Ղարաբաղեան     սահմաններուն   վրայ  եղած   չորսօրեայ պատերազմէն   անմիջապէս ետք Պոլսոյ մէջ կը գումարուէր   տարածքաշրջանին համար  կարեւոր   նշանակութիւն ունեցող «Իսլամական համագործակցութեան երկիրներ»ու  12-րդ  գագաթնաժողովը: Թուրքիա, որ վերջին տարիներուն   հանդէս կու գայ   Սիւննի  իսլամի շղարշով,     կը բազմէր       կազմակերպութեան  նախագահողի  աթոռին:    Էրտողանի  եւ իր  իշխանակիցներուն համար   նէոօսմանիզմի    առաջին  պայմանն է գրաւել  սիւննի  արաբները: Ու այս     գործընթացը վերջին տարիներուն  շեշտակիօրէն  դարձաւ    Անգարայի  թիւ մէկ խնդիրը: Սկսած     պաղեստինեան   պայքարին  մէջ  Էրտողանի ունեցած  կեցուածքներով, ապա  Գահիրէի մէջ  «իսլամ եղբայրներ»ու հանդէպ ունեցած  բարեացակամութեամբ եւ վերջապէս  Սուրիոյ   ալեւի  նախագահ  Պաշշար Ասատին  դէմ  եղած    յստակ     կեցուածքով ու  նաեւ իսլամիստ  խմբաւորութեանց ցոյց տրուած նեցուկով Թուրքիա  նոյն  յստակ  եւ  ընդգծուած  ծրագրով կը գործէ: Արաբական սիւննի  աշխարհին համար Պոլիսը եւ Թուրքիոյ   զբօսաշրջային    քաղաքները  դարձան մշտական  կայան եւ   Ծոցի  տարբեր երկիրներուն հետ Թուրքիոյ իշխանութիւնները զինուորական   համագործակցութեան    կարեւոր    համաձայնութիւններ կնքեցին:  

Այս բոլորը նշեցինք՝  հասնելու համար  կարեւոր կէտի մը, որ կը հնչէր Պոլսոյ     ուրբաթ օր աւարտած ժողովին, ուր        պաշտօնական  հաղորդագրութեան մէջ  կը յիշատակուէր Լեռնային Ղարաբաղը եւ  ժողովականները     հայկական  կողմն ու Հայաստանը բռնազաւթող  կողմ համարելով  զանոնք կը հրաւիրէին արագօրէն  դուրս   գալ Լեռնային  Ղարաբաղի   տարածքներէն:   Երկիրներէ  բաղկացող այս  կազմակերպութեան մէջ միայն  Իրանն ու Լիբանանն էին,  որ այս հաղորդագրութեան ի նպաստ չէին քուէարկէր: Բացի   ատկէ սակայն, Թուրքիա  կը  համոզէր իր  մնացեալ 53 գործընկերները   հակահայ     մթնոլորտ մը աճեցնելով  եւ  Պաքուն իբրեւ  զոհ ներկայացնելու ստապատիր         բրոբականտով:

Թուրքիոյ համար     այսօր       առաջնային թէզ  պիտի ըլլայ ուրեմն, որպէս իսլամ-քրիստոնեայ հակամարտութիւն  ներկայացնել ղարաբաղեան  հիմնահարցը: Ու այս    մօտեցումին  դէմ     մենք հայերս   արագ, գործնական եւ  ազդու    քայլերու կարիքն ունինք:

Ղարաբաղի      վերջին զարգացումներէն անմիջապէս ետք  քիչ  չէին այն մեղադրանքները  որոնք լսելի դարձան   ՀՀ  Արտաքին Գործոց նախարարութեան ընդհանուր գործունէութեան  մասին: Քննադատութիւնը մէկ կողմ եւ    հիմնարար  գործը՝  այլ կողմ:  Այսօր     անհրաժեշտութիւնը կայ, որ   մեր դիւանագիտական  ամբողջ  կազմը      օգտուի ճակատին վրայ  առկայ հրադադարէն եւ  դիւանգիտական   պատերազմի փուլ մը  շղթայազերծէ:  Ճիշդ է, որ բոլոր առումներով մենք ուշացած ենք, ու  շատ բան կայ ընելիք   Իսլամին ու  արաբին  բացատրելու Ղարաբաղեան  հակամարտութեան իրական պատճառները: Իսլամներու հետ լեզու գտնելը չպէտք է դառնայ անիրականանալի   դրոյթ մը: Ու փոխանակ ներքին ճակատի վրայ  նոր ալեկոծումներ  ընելու պէտք է արագ քայլերով մեր ձայնը լսելի դարձնենք   Քաթարի, Քուէյթի, Տուպայի, Օմանի ու մանաւանդ Րիատի մէջ: Տակաւին չենք խօսիր Գահիրէի  մասին, որուն  հետ  համագործակցելու   մեծագոյն  գրաւականներ կան, սակայն  անհասկնալի  պատճառներով, մենք չենք կարողացած   պաշտօնական Գահիրէի հետ  գործնական քայլեր ձեռնարկել: Յիշեցնելու գնով պէտք է շեշտադրել,որ  անցեալ 2015 տարուան ընթացքին  Հայոց Ցեղասպանութեան   100-րդ  տարելիցի ընդհանուր միջոցառումները լուսաբանելու համար  Երեւան ժամանած լրագրողական մեծագոյն պատուիրակութիւնը եգիպտական  պատուիրակութիւնն էր ու մենք գիտնալով այս բոլորը կը շարունակենք  անտարբեր մնալ:  

Իսլամներուն հետ   մեր ժողովուրդը եւ մասնաւորապէս     արեւմտահայ զանգուածը     վերջին տասնամեակներուն կարեւոր  ճանապարհ անցած է: Մեր հայրենակիցները մեծագոյն յարգանքի   արժանացած եւ վստահութեան   օրինակ  դարձած քաղաքացիներն  են  սիւննի    թեքումով կառավարուող  երկիրներուն մէջ: Տակաւին  չենք խօսիր պատմական  այն փաստարկներուն  մասին, ուր  առանձնակի կերպով     կ'ուրագծուի   չափաւորական իսլամին եւ հայուն միջեւ համագործակցութեան առանցքները:  Իսլամը մեզի համար չպէտք է վախի ու սարսափի ուրուականի  վերածուի ու նաեւ ամէն գնով պէտք  է  փորձենք  նորէն ու նորէն աշխարհին  բացատրել, որ ղարաբաղեան  հարցը  հեռու է միջ- կրօնական    հակամարտութիւն մը ըլլալէ:

Հիմա ճիշդ   եւ յարմար   առիթն է  սկսելու այս պատերազմը: Արցախի   բոլոր  ճակատներուն վրայ  յաղթանակ  գրանցած հայ զինուորը իրաւունք ունի իր թիկունքին  ունենալու արագ եւ գործնական քայլերով գործող  դիւանագէտներու փաղանգի մը,  որուն  հիմնական նախադրեալները վստահ ենք, որ ունի Հայաստանի Հանրապետութիւնը: 

 

 Լուսանկարը՝  «Արեւելք»ի (Շուշիի  Պարսկական Մզկիթ Հիմնուած՝  1884-ին)