Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի՝ Իսլամապատ այցելութեան ընթացքին Փաքիստանի իշխանութիւնները որոշած են՝ ԱՄՆ ապաստանած թուրք կրօնական գործիչ Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի հետ կապուած 130 ուսուցիչ վտարել: Նշենք, որ Թուրքիա կ′ամբաստանէ Կիւլէնը յուլիսեան յեղաշրջման ետին կանգնելու մեղադրանքով:
Աղբիւրները յայտնած են, թէ թուրք ուսուցիչները, որոնք Կիւլէնի ղեկավարութեամբ կրթական եւ ոչ կառավարական կառոյցներու ցանցին մէջ կ′աշխատին, պարտաւոր են, իրենց ընտանիքներուն հետ հեռանալ Փաքիստանէն մինչեւ 20 նոյեմբեր:
Էրտողան «ուրախ լուր» անուանած է պատահածը: Իր կարգին վարչապետ՝ Պինալի Եըլտըրըմ, շնորհակալութիւն յայտնած է «եղբայրական երկիր Փաքիստանին»:
Յայտնենք, թէ Կիւլէն (75 տարեկան), հերքած է յեղաշրջման իր մասնակցութիւնը: Ան «Սպասարկութիւն» անունով շարժում մը կը ղեկավարէ, որ կ′ընդգրկէ դպրոցներ, համալսարաններ եւ ոչ կառավարական կառոյցներ, աշխարհի բոլոր կողմերը: Թուրքիա՝ Կիւլէնի ցանցը ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը համարէ եւ զայն կ′անուանէ «Կիւլէնի կողմնակիցներու ահաբեկչական կազմակերպութիւն» կամ «Ֆեթո»: Իր կարգին, Կիւլէնի ցանցի փաքիստանեան գրասենեակը ելեքտրոնային էջին վրայ յայտարարած է իր ափսոսանքը այս «հապճեպ որոշման» մասին: