image

Իրաքի մէջ. Զոհուած է «Ֆայլաք ալ քուտս»ի հրամանատարներէն մին

Իրաքի մէջ. Զոհուած է «Ֆայլաք ալ քուտս»ի հրամանատարներէն մին

Արաբական քանի մը հեռուստաալիքներ, յղում ընելով իրաքեան աղբիւրներուն, տեղեկացուցած են, որ Իրանի «Ֆայլաք ալ քուտս»ի հրամանատարներէն մէկը՝ Մուսլիմ Շահտանը, սպանուած է Իրաքի արեւմուտքին մէջ՝ Սուրիոյ հետ սահմանին:

Ինչպէս կը յայտնէ «Ալ-Արապիա»ն, կիրակի երեկոյեան անօդաչուն օդային հարուած հասցուցած է մեքենայի ուղղութեամբ, որուն մէջ գտնուած է Շահտանը: Միջադէպը տեղի ունեցած է, երբ մեքենան կ'անցնէր «Ալ-Քաիմ» անցակէտէն:

Նշուած է, որ հրամանատարէն բացի եւս երեք մարդ մահացած է, որոնք կ'ուղեկցէին անոր:

Լիբանանեան «Ալ-Մայատին» հեռուստաալիքը, յղում ընելով իր աղբիւրներուն, կը հերքէ հրամանատարի սպանութեան մասին լուրը: