«Մոնիթոր» կայքը կարծիք յայտնած է, որ Իրաքի մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան կողմէ բարձրացուած համախմբուելու եւ մէկ ուժ դառնալու կոչերը չեն կրնար իրականութիւն դառնալ այնքան ժամանակ, որքան երկրին մէջ առկայ են պառակտումներն ու քրտական հարցը: Կայքը, փոխանցելով Քաղտէական կաթողիկէ համայնքի պատրիարք Մար Լուիս Ռուֆայիլ Ա. Սաքոյի մտահոգութիւնը նշած է, որ վերջինս մեծ վտանգ կը տեսնէ քրտական հարցին մէջ, եւ կը համարէ, որ Պաղտատի եւ Իրպիլի միջեւ առկայ հակամարտութիւնը կը խանգարէ քրիստոնեաներու վերադարձն իրենց շրջաններ, եւ պատճառ կը հանդիսանայ, որ անոնք անվերադարձ հեռանան երկրէն:
Կայքին հաղորդմամբ, ներկայիս Իրաքի քրիստոնեաները երեք հոսանքի բաժնուած են: Առաջին հոսանքը շիիթներու եւ դաշնային ուժերու մօտիկ քրիստոնեաներն են, որոնց ներկայացուցիչներն են քաղտէական համայնքին դաւանող «Բաբելացիներ»ու ջոկատները, որոնք կը համարեն, որ Քիւրտիստանը, ուր կեդրոնացած են քրիստոնեայ փոքրամասնութեան մեծ մասը, պէտք է անբաժան մնայ Իրաքէն: Երկրորդը՝ կողմ են բաժանման եւ պատրաստ են քրտական պետութեան միանալու: Այս հոսանքի ներկայացուցիչներն են քաղտէական ասորիներն ու սուրիանիները: Իսկ երրորդ հոսանքը կը համարէ, որ պատրիարք Սաքոյի հովանիին ներքոյ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներուն միջազգային հովանաւորութեամբ առանձին կարգավիճակ պէտք է շնորհուի:
Նշուած է, որ ըստ քաղտէական ասորի-սուրիանական հանրային խորհուրդի անդամ Հալան Հերմէզի, քրիստոնեայ փոքրամասնութեան մեծ մասը կողմ է Քիւրտիստանի անկախացման, որովհետեւ այնտեղ գտած է իր անվտանգութեան երաշխիքը: Վերջինս հաղորդած է նաեւ, որ Քիւրտիստանի անկախացումը խափանուելու պարագային, քաղտէական ասորի-սուրիանական հանրային խորհուրդը պիտի ձգտի Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ անկախ պետութիւն կազմել, կեդրոն ունենալով Իրաքեան Քիւրտիստանի կազմին մէջ մտնող Նինուէի հարթավայրը:
Իր հերթին իրաքեան խորհրդարանի «Ալ Ուարքաա» հոսանքի քրիստոնեայ պատգամաւոր Ճոզէֆ Սլիու համարած է, որ այս պահուն Քիւրտիստանի անկախացման կողմնակից ըլլալը, կամ քրիստոնէական անկախ պետութիւն կազմելը քրիստոնեական փոքրամասնութեան շահերէն չի բխիր: Որպէս այլընտրանք, վերջինս առաջարկած է Պաղտատի իշխանութեան ներքոյ առանձին քրիստոնէական նահանգ հիմնել, որ պիտի ընդգրկէ Նինուէի հարթավայրը, եւ այնտեղ պիտի ապրին ինչպէս քրիստոնեայ, այնպէս նաեւ այլ փոքրամասնութիւններ, եւ այն Իրաքի մէջ որպէս զարգացման եւ յառաջդիմութեան օրինակ պիտի ծառայէ: