5-րդ օրն ըլլալով Իրանի մէջ բողոքի հաւաքները կը շարունակուին: Այս մասին լուրը տուած է BBC Arabic կայանը, նշելով, որ երէկ գիշեր արտակարգ դէպքեր գրանցուած են յատկապէս Ասֆահան քաղաքին մէջ:
Ըստ աղբիւրին խռովարարներ զէնքի տիրանալու նպատակով յարձակում գործած են քաղաքի մէկ զինուորական կեդրոնին վրայ եւ բախումի բռնուած տեղի ապահովական մարմիններուն հետ, որուն հետեւանքով ալ սպաննուած են գրոհը կատարողներէն վեցը:
Իրանեան աղբիւրներ իրենց կարգին կը հաղորդեն, որ երկրին մէջ խռովութիւններ կատարող կասկածելիներէն 450-ը ձերբակալուած են եւ ապահովական մարմիններ պիտի շարունակեն խիստ ձեւով վարուիլ ապօրինի կերպով անօրինականութիւններ գործողներուն հետ:
Ըստ վերջին տուեալներուն վերջին հինգ օրերուն Իրանի տարբեր քաղաքներուն մէջ եղած ցոյցերուն ընթացքին զոհերուն թիւը հասած է 22-ի: