4 -րդ օրն ըլլալով Իրանի մէջ սկիզբ առած բողոքի հաւաքները կը շարունակուին: BBC կայանին հաղորդմամբ երէկ Տորուտ քաղաքին մէջ եղած բախումներուն հետեւանքով զոհուած են 5 անձեր եւ կան տասնեակ վիրաւորեալներ: Իր կարգին Sky News Arabic կայանը փոխանցեց, որ Իրանի աւելի քան 40 քաղաքներու մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի կ'ունենան:
Աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ Իրանի մէջ կատարուող ցոյցերուն մէջ գլխաւոր դեր կը խաղան կիները, որոնք առաջատար դեր վերցուցած են:
Իր կարգին Իրանի ներքին գործոց նախարար Ապտուլռիզա Ռահմանի Ֆազլի այս առաւօտ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով յայտնեց, որ պետական մարմիններ պատրաստ են բոլոր միջոցները գործի դնել արգիլելու համար անօրինական արարքներն ու գործողութիւնները: