image

Իրանեան բողոքի ցոյցերու խորհրդանիշ կինը ազատ արձակուած է

Իրանեան բողոքի ցոյցերու խորհրդանիշ  կինը ազատ արձակուած է

Իրանեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Նիսրին Սթուտա յայտարարած է, որ Իրանի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերու օրերուն որպէս բողոքի միջոց գլխուն լաչակը բացած տիկինն ազատ արձակուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «BBC» լրատուական ցանցը:

Նշենք, որ յիշեալ տիկնոջ ինքնութեան մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն փոխանցուած է: Վերջինս Իրանի մէջ անցնող դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին բռնկած բողոքի ցոյցերու խորհրդանիշը դարձաւ, ու անոր լուսանկարները մեծ տարածում գտան համացանցի էջերուն: